2015-06-11 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 յունիսի Քարոզը`Քրիստոնեաները թող ծառայեն ձրիաբար։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 11 յունիսի, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիկսոս Պապ  կեդրոնացաւ  երեք կէտերու շուրջ` ուղեւորութիւն, ծառայութիւն եւ  ձրիութիւն ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր Յիսուս առաքեալները կ՝ուղարկէ աւետելու համար բարի լուրը, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ   ՝՝եթէ առաքեալ մը  դուրս չի գար եւ չի տար ուրիշներուն այն ինչ որ ստացած է Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդով,  ճշմարիտ առաքեալ  մը չէ։ Մատնանշելով ներքին ուղեւորութեան`  ամէն օր Տէրը  փնտռել՝ աղօթք եւ խորհրդածութիւն կատարելով  Սրբազան հայրը հաստատեց թէ ''եթէ առաքեալ մը  չի փնտռէ Աստուած ՝  ուրիշներուն  փոխանցած Աւետարանը կը հանդիսանայ տկար , թրջուած եւ ուժէ զուրկ աւետարան''։

Խօսելով  ծառայութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապը  ըսաւ, թէ Առաքեալ մը որ չի ծառայեր՝ քրիստոնեայ չէ, եւ կ՝ենթարկուի անձնասիրութեան փորձութեան։

Ակնարկելով երրորդ կէտին ՝՝ձրիութիւնը՝՝ Սրբազան Հայրը հաստատեց,  թէ Փրկութիւնը  ձրիաբար ստացած ենք  եւ մեզմէ ոչ մէկը զայն գնած ու արժանացած է։  Այնուհետեւ պէտք  է  ձրիաբար տալ՝  ըսաւ Սրբազան հայրը  այս մէկը որակելով Աստուծոյ կողմէ  ընկալուած բիւրեղ շնորհք մը։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին աւարտին յարեց թէ տխուր է երբ կը գտնենք քրիստոնեաներ, ժողովրդապետութիւններ կամ թեմեր որոնք կը մոռնան Յիսուսի հետեւեալ խօսքը ՝՝Ձրիաբար ստացաք եւ ձրիաբար տուէք'' ու աւելցուց  թէ նման խաբկանքի մը ներքեւ գոյութիւն ունի այն համոզումը որ Փրկութիւնը յառաջ կու գայ իշխանութիւնէն եւ հարստութենէ։

Երեք բառեր – ըսաւ ապա Քահանայապետը` ուղեւորութիւնը որպէս ընթացք աւետելու, ծառայութիւնը` Քրիստոնեայի կեանք ինքն իրեն համար չէ այլ ուրիներուն այնպէս ինչպէս եղաւ Յիսուսի կեանքը մեզի եւ երրորդ ձրիութիւնը` մեր Յոյսը Յիսուս Քրիստոսի մէջ մեզ կը մղէ յոյսի մը որ յուսախափ չի թողուր։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.